2016-01-14 09:42:00

Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէց` Ուելպի-ի կոչը Անկլիգան հաղորդութեան միութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ներկայիս Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Անկլիգան Հաղորդութեան վեհաժողովը որուն կը մասնակցին Անկլիգան 38 գաւառներու գահերէցները­, միասնաբար վիճաբանելու միասեռական կղերականներու ու կին եպիսկոպոս օծումի հարցի մասին։

''Եթէ բանակցութիւնները ոչ մէկ լուծումի յանգին մեծ ձախորդութիւն մը պիտի ըլլայ'' ըսաւ Քանթերպուրիի արքեպիսկոպոս Ուելպի ընդգծելով որ ամէն պարագային Անկլիգան Հաղորդութիւնը պիտի մնայ մէկ ընտանիք, նոյնիսկ եթէ անոր անդամները տարբեր ճամբով ընթանան։

''Աստուած մեզ միացուց ու մենք պէտք ենք աշխատիլ միութեան համար, հաւատարմօրէն ծառայելով Աստուծոյ, նոյնիսկ երբ խորապէս անհամաձայն ենք, ու պարտաւոր ենք հոգալ մէկը միւսին, որովհետեւ Անկլիգան Հաղորդութիւնը ակումբ մը չէ եւ ոչ ալ քաղաքական կուսակցութիւն մը, այլ Աստուծմէ հաստատուած իրականութիւն''։

Քանթերպուրիի առաջնորդըապա հաստատեց﹒ ''մենք կ՛ուզենք միասին մնալ­ ի սպաս Յիսուսին, կեդրոնանալով աշխարհի մեծ հոգերու վրայ` ընդհարումները, հալածանքները, կրօնական բռնութիւնները ﹒﹒﹒։

Յայտնենք որ Անկլիգան Հաղորդութեան ժողովը նախաձեռնութիւնն է Քանթերպուրիի արքեպիսկոպոս  Ուելպիի,  որուն նպատակն է հաշտեցնել ու իրարու մօտեցնել Անկլիգան Հաղորդութեան աւանդապաշտ ու ազատական հոսանքները­, որ 2003էն ասդին իրարմէ բաժնուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.